ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Դոնալդ Թրամփի անցումային թիմում ամենաազդեցիկ անձ համարվող գործարար Իլոն Մասկը և ՄԱԿ-ում Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Ամիր Սաիդ Իրավանին Նյու Յորքում քննարկել են Վաշինգտոնի ու Թեհրանի հարաբերություններում լարվածությունը նվազեցնելու ուղիները։ Նրանք դրական են որակել բանակցությունները և ասել, որ սա «լավ նորություն» են համարում։               
 

Երկու Կեանք, Երկու Վկայութիւն, Մէկ Ինքնութիւն Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկու Կեանք, Երկու Վկայութիւն, Մէկ Ինքնութիւն  Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ
23.04.2023 | 22:53

«Ցեղասպանութիւնը հայուն համար դարձաւ ինքնութեան հաւատարմութեան պահպանումը»։

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան

«Ցեղասպանութիւնը կերտեց ու տակաւին՝ հայուն հաւաքական ինքնութիւնը»։

Փրոֆ. Փիթըր Պալաքեան

Փետրուար 2023, Պոլիս։

Աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուիմ Պոսֆորեան այս քաղաքը։ Բայց կարելի չէ այցելել Պոլիս եւ մնալ միայն աշխատանքային սահմաններուն մէջ եւ չի տեսնել հայկական կեանքը եւ Պոլիսը, որ եղած է հայուն կեանքը կերտող կռուան եւ ուր տակաւին կը շարունակէ հայուն սիրտը տրոփել իր ազգային ինքնութեան հաւատարմութեան մէջ։

Եթէ հայկական կառոյցները այցելեցի, բայց այս անգամ կային երկու յատկանշական իրադարձութիւններ՝ երկու գիրքեր, որոնք կը վկայեն հայու ինքնութեան գաղափարախօսութիւնը։

Նախ՝ Արազ հրատարակչատուն։

Տիկ. Սելինէ Թովմասեանն է. «Այս գիրքը շատ լաւ ընդունելութիւն գտաւ թրքական համայնքին կողմէ։ Պահանջքը մինչեւ այսօր մեծ է եւ յատկապէս համալսարանի ուսանողներու եւ ակադեմական գիտաշխատողներու կողմէ։ Անոնք այս գիրքը կը գործածեն աւելի ծանօթութիւն ունենալու համար պատահած պատմական իրադարձութիւններուն ինչպէս նաեւ տարբեր գիտական ուսումնասիրութիւններու համար։ Մեկնելով տեղական պահանջքէն, 2019-ին երկրորդ տպաքանակի մը նախաձեռնեցինք»։

Իսկ այս գիրքը՞։ Տոքթ. Աւետիս Ճէպճէեանի օրագրութիւնն է, «Տուն դարձի երկար ճամբան»։

Տոքթ. Աւետիս Ճէպճէեանը հօրենական կողմէ մեծ հայրս է։ Բժշկապետ-գնդապետ էր Օսմանեան բանակին մէջ համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին։ Ան մասնակցած է Գալիոբոլիոյի-Ջանագալէի ճակատամարտին եւ ցոյց տուած է իր բժշկական եւ զինուորական հաւատարմութիւնը՝ քաջարի կեցուածքով եւ մասնակցութեամբ պատերազմի այդ թէժ օրերուն։

Առաջին աշխարհամարտի աւարտէն ետք ան բանակէն արձակուած է եւ քառասուն օրեր քալելով հասած է Հալէպ եւ միացած իր ընտանիքին։ Ճանապարհին անցած է հայկական գաւառներէ եւ տեսած է ցեղասպանուած հայու դիակներ եւ հրկիզուած հայկական գիւղեր եւ տուներ։ Ան իր ականատեսի վկայութիւնը գրած է հայատառ թրքերէնով։ Իր օրագրութեան մէջ տեղ գտած է իր մասնակցութիւնը Օսմանեան բանակին մէջ՝ Գալիոբոլիոյի ճակատամարտին ընթացքին, եւ իր տեսած հայկական գիւղերու աւերները եւ սպաննուած դիակները։

Օրագրութիւնը հայատառ թրքերենէ վերածուեցաւ հայերէնի՝ Ճէպէճեան ընտանիքի նախաձեռնութեամբ։ 2015 թուականին՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հարիւր ամեակի առթիւ, Արազ հրատարակչատունը նախաձեռնեց եւ հրատարակեց օրագրութեան թրքերէն տարբերակը։ Արազ հրատարակչատունը նաեւ տեղադրեց յաւելեալ ծանօթագրութիւններ իւրաքանչիւր հայկական գիւղի մասին եւ Տոքթ. Աւետիս Ճէպէճեանի եւ անոր ընտանիքի կեանքին եւ գործունէութեան մասին զետեղեց շարք մը նկարներ։ Գիրքին նախաբանը գրած է թուրք ակադեմական գործիչ Դոկտ. Այհան Աքթարին։

Ապա՝ Հրանդ Տինք Հիմնարկը:

Հրանդ Տինքի սպաննութենէն ետք՝ 2007 թուականին, կազմուեցաւ Հրանդ Տինք հիմնարկը: Սոյն հիմնարկին նպատակն է մէկ կողմէ յարգել յիշատակը Հրանդի եւ անոր քաջարի կեանքն ու վկայութիւնը, եւ միւս կողմէ ջատագովը ըլլալ ազատ խօսքի եւ համակեցութեան կեանքի բոլոր ժողովուրդներու միջեւ՝ անկախ անոնց կրօնական եւ մշակութային պատկանելիութիւններէն։ Հիմնարկը կը քաջալերէ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան արժէքներով ստեղծել մշակութային ժառանգներ։

Թալին Սուզմէի եւ Հերմինէ Սայեանի հետ հանդիպում-զրոյցը տարաւ մեզ շատ մը խորքային քննարկումներու։ Հրանդին աւանդէն սկսելով մինչեւ հայկական ինքնութեան պրպտումները ու տակաւին հայապահպանումի մարտահրաւէրերը քիչ մը ամէն տեղ։ Եթէ առիթը ունեցած էի ծանօթանալու Հրանդին հետ իր սպաննութենէն առաջ, բայց նաեւ լաւատեղեակ եղած եմ հիմնարկի գործունէութիւններուն։

Այս այցելութեան կար նորութիւն մը։ Եւ նորութի՞ւնը։ Հրանդ Տինքի յօդուածաշարքերու հատորը՝ անգլերէն թարգմանուած։ Իսկ վերնագի՞րը։ «Հրանդ Տինք՝ քու մարդդ, այս յօդուածներուն մէջէն»։

Պոլիս, Փետրուար 2023։

Երկու գիրքերուն մէջէն դէմ յանդիման եկայ երկու կեանքերու, որոնք ապրած են տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ։ Աւետիս ճէպէճեան ապրած է Ցեղասպանութիւնը իր հայրենի հողին վրայ։ Հրանդ Տինք՝ կը համարուի վերապրող եւ երրորդ սերունդ Ցեղասպանութենէն ետք, որ կը շարունակէ ապրիլ իր եւ Աւետիս Ճէպէճեանին հայրենի հողին վրայ։

Երկու գիրքերուն մէջ կար այս երկու-կեանք վկայութիւնները միաւորող կապը, որ իրենց մտասեւերումներուն եւ մտահոգութիւններուն մէջ կարմիր թելի նման կ'անցնի եւ մէջտեղ կը հանէ քու-իմ մարդը։ Աւետիս Ճէպէճեանէն մինչեւ Հրանդ Տինք եւ ապա հայուն՝ իմ եւ քու, ինքնութիւնը։

Աւետիս Ճէպէճեան կը սիրէ իր ապրած երկրին գեղեցկութիւնը։ Ջաթալճա։ «Ինչ հաճելի մարգագետիններ եւ ամէն տեղ դալար, կանաչ սարեր»։ Ան կը հիանայ Արարատ լերան վրայ. «Մասիսն ու Արարատը եզակի հմայիչ տեսարան մը կը ներկայացնեն» (Նոյեմբեր 5, 1914)։ Հրանդ Տինք կը գրէ. «Ես հայ եմ։ Ես Անատոլիայէն եմ եւ մինչեւ իմ ոսկորներուս ծուծին մէջ։ Ոչ մէկ օր մտածած եմ ձգել իմ երկիրս եւ իմ ապագան կերտել արեւմուտքի այսպէս ըսած ազատութեան վրայ շինուած երդիքներու տակ» (Նոյեմբեր 1, 2004): Ճէպէճեան եւ Տինք կը միանան իրենց հողին եւ անոր նկատմամբ իրենց կապուածութեան վրայով։

Աւետիս Ճէպճէեան կը նկարագրէ Չանագալէի պատերամի արհաւիրքը եւ իր տոկալու եւ դասալիք չըլլալու հաւատքը. «Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, թէ Ագպաշի բժշկական առաջին կայանին նշանակուած եմ։ Հիւանդանոցներէն ելլելով պէտք է հաստատուիմ ռումբ եւ թօրփիլներ տեղացող այս վայրը։ Աստուծոյ կ'ապաւինիմ հոս զիս պաշտպանելու համար» (Օգոստոս 26, 1915): Հրանդ Տինք կը գրէ. «Ապրիլ 24-ի յիշատակութիւններուն չէի կրնար մասնակցիլ եւ կամ յարգանքի տուրքս մատուցել իմ նախնիկներուն։ Բայց ես երբէք դասալիք չեղայ իմ պատմութեանը, ոչ ալ պիտի ուզեմ որ այս յիշատակները անշնչանան իմ կեանքին մէջ» (Նոյեմբեր 1, 2004): Ճէպէճեան եւ Տինք կը միանան կեանքի եւ անոր իրադարձութիւններու նկատմամբ իրենց քաջութեամբ եւ վճռակամութեամբ եւ դասալիք չըլլալու գիտակցութեամբ՝ իրենց հողին վրայ ապրելով։

Կարծէք չէր բաւեր պատերազմի արհաւիրքը եւ Աւետիս Ճէպճէեան պիտի ապրէր նաեւ հայունը։ Ան մէկ-մէկ պիտի նկարագրէր իր ապրած վիշտը մինչեւ որ ինչպէս ինք կ'ըսէ քանիցս, «սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու»։ «12000 գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն. անգութ, անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ» (Յունիս 11-20, 1916, Մարաշ)։ Ու կը հանդիպի հայու բեկորներու. «Խապուսէ հայկական գիւղը ամբողջովին պարպուած է. մնացած էին հինգ ընտանիքներ միայն, որոնց այցելեցի»։ Հրանդ Տինք կը գրէ. «Հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը եւ մշակոյթը հիմնած է Անատոլիոյ մէջ, իրենց տունը՝ եւ աւելի քան չորս հազար տարիներու մէջէն։ 1915-ը եղաւ այդ տարին երբ այս մշակոյթը ընդհատուեցաւ, երբ հայ ժողովուրդը տեղահանուեցաւ իր պատմական հողէն եւ աշխարհով մէկ տեղ տարածուեցաւ։ Պատմութեան մէջ կ՚արձանագրուի այս որպէս այն հանգրուանը, ուր ժողովուրդի մը յարաբերութիւնը իր կենցաղին հետ, արմատներուն հետ, արմատախիլ եղաւ» ( 22 Ապրիլ, 2005): Աւետիս Ճէպէճեան եւ Հրանդ Տինք կը տեսնեն Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը եւ անոր ժխտական անդրադարձը։ Այս ահաւորութիւնը շարունակական է։ Ականատես թէ այլ։

Աւետիս Ճէպէճեան լաւ հասկցած է թուրքը։ Ան չի վարանեցաւ իր յուշերուն մէջ յիշելու, թէ «վայրագ ժողովուրդ է» (Յուլիս 25-30, 1916, Փերվելվի)։ Ան յաճախ ապրեցաւ «թուրքին անախորժութիւններուն՝ հայ ըլլալուս պատճառով» (16-29, 1916, Փերվելվի)։ Աւետիս ճէպէճեան տեսաւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ այդ անախորժութիւնները շալկեց իր խիղճին վրայ։ Հրանդ Տինք կը նայի այս պատմութեան, որ ճէպէճեան եւ իր նմանները ապրեցան եւ կը վկայէ. «պատմութեան չես կրնար նայիլ միայն օրինական տուեալներու կամ փաստարկումներու մէջէն, այլ շատ աւելիով, խղճի հայեցակէտէն» (Ապրիլ 24, 2005): Աւետիս Ճէպէճեան իր այս արհաւիրքը շալկեց իր խղճին վրայ եւ ապրեցաւ անոր հետ Հալէպ, ուր դարձաւ տիրական դէմք մը՝ ազգային եւ եկեղեցական, եւ մինչեւ իր մահը ան հաւատարմօրէն գործեց գաղութին կազմաւորման եւ վերելքին համար։ Հրանդ Տինք իր ժառանգած արհաւիրքը շալկեց իր խղճին վրայ եւ ապրեցաւ անոր հետ Պոլսոյ մէջ եւ դարձաւ ապրող վկայութիւնը անոր՝ մինչեւ իր սպաննութիւնը։

Աւետիս Ճէպէճեանէն մինչեւ Հրանդ Տինք։

Երկու կեանքեր։ Մին ապրուած կեանք եւ միւսը ժառանգուած։

Երկու վկայութիւններ։ Մին ականատեսի վկայութիւն եւ միւսը խղճին տանչը։

Այս երկու կեանքերուն եւ վկայութիւններուն միաւորղ օղակը Ցեղասպանութիւնն է, որ հայուն համար դարձաւ ինքնութեան հաւատարմութեան պահապանը։ Այս ինքնութեան հաւատարմութիւնը ստեղծեց հայուն հաւաքական ինքնութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր՝ Աւետիս ճէպճէեանէն մինչեւ Հրանդ Տինք ու տակաւին՝ սերունդէ սերունդ։

Աւետիս ճէպէճեան եւ իր նման բոլոր հայերը, որոնք ապրեցան Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը։ Մեծ է թիւը անոնց, որոնք նահատակուեցան։ Աւետիս ճէպէճեան եւ իր նմանները վերապրեցան։ Հրանդ Տինք եւ իր նմանները շալկեցին եւ կը շարունակեն շալկել հայուն վերապրիլը, ինչպէս Հրանդ Տինք հաւատաց. «Անցեալը որ չես մոռնար՝ այդ ապահովութիւն կուտայ ապրելու ապագայի տեսլականով»։

Երկու կեանք, երկու վկայութիւն, մէկ ինքնութիւն։

Հայու ինքնութի՞ւնը։

Ցեղասպանութիւնը, որ դարձաւ հայուն ինքնութեան հաւատարմութեան պահպանումը։

Ցեղասպանութիւնը, որ կերտեց հայուն հաւաքական ինքնութիւնը։ Աւետիս Ճէպէճեան եւ Հրանդ Տինք պահեցին եւ հաւատարիմ մնացին հայուն այս հաւաքական ինքնութեան։

Հայը այսօր՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, պիտի շարունակէ պահել իր հաւատարմութիւնը իր այս հաւաքական ինքնութեան։

Այս հաւաքական ինքնութեանը եւ անոր հաւատարիմ մնալուն մէջ է որ հայը պիտի կերտէ իր ապագան։

Քուէյթ, Ապրիլ 2023

Դիտվել է՝ 5267

Մեկնաբանություններ